Բեյրութում հայուհի է սպանվել
«Արեւելք»-ը գրում է. «Պէյրութի մէջ ծանր ոճիր մը գրանցուած է, որուն զոհ գացած է հայուհի մը: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա» կայքը։
Աղբիւրը կը նշէ, որ երիտասարդ մը կրակ բացած է Սատ Ալ Պաուշրիյէ շրջանին մէջ գտնուող վաճառատան աշխատկցողուհիի մը ուղղութեամբ ու տեղն ու տեղը սպաննած է զինք։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքէն ետք երիտասարդը կրակ բացած է իր գլխուն ուղղութեամբ եւ անձնասպան եղած։
«Արեւելք»-ի Պէյրութի աղբիւրին համաձայն հայուհիին անուան սկզբնատառերն են ՝ Մ.Հ։
Աւելի ուշ լուրը տարածուած է ընկերային ցանցերու վրայ։
Իրաւապահ մարմիններ քննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ եւ այլ տուեալներ չեն հաղորդուիր»։