հինգշաբթի, ապրիլ 25
25 / 4 / 2024
Հերթական սրբապղծությունը՝ Սթանոզի երբեմնի հայոց գերեզմանում

Հերթական սրբապղծությունը՝ Սթանոզի երբեմնի հայոց գերեզմանում

Այս օրե­­րուս Ան­­գա­­­րայի մեր­­ձա­­­կայ Սթա­­նոզի եր­­բեմնի հա­­յոց գե­­րեզ­­մա­­­նը ան­­գամ մը եւս երկրի օրա­­կար­­գին է սրբապղծու­­թեան նոր օրի­­նակ­­նե­­­րով, գրում է akunq.net-ը:

Պատ­­մա­­­բան Էր­­տինչ Աք­­կիւլ տա­­րածաշրջա­­նի վրայ հին շիր­­մա­­­քարե­­րը լու­­սանկա­­րելու պա­­հուն անդրա­­դար­­ձաւ վեր­­ջերս փո­­րուած շի­­րիմ­­նե­­­րուն։ DHA լրա­­տու գոր­­ծա­­­կալու­­թեան փո­­խան­­ցած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րու մէջ Աք­­կիւլ ափ­­սո­­­սան­­քով կը նշէ թէ 600 տա­­րուայ ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող այդ գե­­րեզ­­մա­­­նի շի­­րիմ­­նե­­­րը փո­­րուած են, նոյ­­նիսկ կմախքնե­­րու յայտնա­­բերո­­ւած վայ­­րէն աւել խոր։ Գան­­ձա­­­խոյզնե­­րը այսպէ­­սով հա­­սած են մին­­չեւ հե­­լենիս­­տի­­­կական շրջա­­նի մնա­­ցոր­­դա­­­ցին։ «Աջ ու ձախ նե­­տուած ոս­­կորնե­­րը կ՚ապա­­ցու­­ցէին կա­­տարո­­ւած վայ­­րա­­­գու­­թիւնը» կ՚ըսէ Աք­­կիւլ եւ կը պա­­հան­­ջէ թէ թան­­գա­­­րանա­­յին ար­­ժէք ներ­­կա­­­յաց­­նող շիր­­մա­­­քարե­­րը պէտք է թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնու­­թեան կող­­մէ հսկո­­ւին եւ տա­­րած­­քի վրայ կազ­­մո­­­ւի բա­­ցօթեայ թան­­գա­­­րան մը։

Նշենք որ Սթա­­նոզ ան­­ցեալին եղած է հայ­­կա­­­կան բնա­­կավայր մը, որու բնա­­կիչ­­նե­­­րը գաղ­­թած էին Պարսկաս­­տա­­­նէն եւ այստեղ զար­­գա­­­ցու­­ցած տե­­ղական այ­­ծի բուրդի մշա­­կու­­մով յայտնի ան­­կորայի հիւ­­սո­­­ւածե­­ղէնը։

1915 թո­­ւակա­­նէն ետք Սթա­­նոզի հա­­յերն ալ ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զոհ դար­­ձան, որոնցմէ վե­­րապ­­րողներ աւե­­լի ուշ բնա­­կու­­թիւն հաս­­տա­­­տեցին Պոլ­­սոյ մէջ։ Իսկ հա­­յերու հե­­ռացու­­մէն ետք տա­­րած­­քը ամա­­յացաւ եւ վե­­րացաւ նաեւ ան­­կորա բուրդի ար­­տադրու­թիւնը։

  • Կիսվել: