երեքշաբթի, հունիս 18
18 / 6 / 2024
Ավստրալիայի Հայ ավետարանչական ընկերակցությունը շնորհավորական ուղերձ է հղել Արայիկ Հարությունյանին

Ավստրալիայի Հայ ավետարանչական ընկերակցությունը շնորհավորական ուղերձ է հղել Արայիկ Հարությունյանին

Ավստրիայի Հայ ավերատարանչական ընկերակցության գործադիր տնօրեն և նախագահ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըգեանը շնորհավորական ուղերձ է հղել Արցախի Հանրապետության նորընտիր նախագահ Արայիկ Հարությունյանին:

Ուղերձում ասված է.
 
«Յարգոյ Նախագահ,
 
Մեծ հրճուանքով ջերմապէս՝ կը շնորհաւորեմ ու կը մաղթեմ լաւագոյնը ձեզի, անձնապէս ու յանուն Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Արցախի Հանրապետութեան նախագահական երկրորդ փուլի ընտրութիւններուն ձեր նուաճումին համար: Մենք ուրախ եղանք ձեր արձանագրած մեծ յաղթանակով, որով պատիւը կը ստանաք առաջնորդելու Հայ Ազգին սիրտն ու հոգին եղող՝ Արցախի ժողովուրդը: Մեծ յոյսով կը նայինք դէպի առաջ՝ երբ խոհեմութեամբ ու մեծ յաջողութեամբ պիտի շարունակ’ք ձեր ծառայութիւնը՝ որպէս նախագահ, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ճանաչման ի խնդիր: Մենք կը շնորհաւորենք նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդը, որոնք իրենց վստահութեան քուէն տուին ձեզի, որու լաւագոյն ապացոյցը յստակ կը տեսնենք ընտրութիւններու արդիւնքին մէջ. յատկապէս նրկայի դժուար պարագաներուն մէջ, երբ ամբողջ աշխարհը կը պայքարի համաճարակին դէմ: Նաեւ կը շնորհաւորենք Ազատ Հայրենիք Կուսակցութիւնը՝ արձանգրուած յաջողութեան համար, ինչպէս նաեւ անոնց անվերապահ ջանքերուն համար, որոնք առաջնորդեցին այս մեծ յաղթանակին:
 
Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ու մեր օգնութեան ձեռքը երկարել, մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ, որպէս Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, ինչպէս որ ըրինք Մարտ 2018-ին՝ Ընկերակցութեան 100-ամեակին առիթով, երբ պատիւը ունեցանք ձեզ ունենալու որպէս մեր հիւրը Աւետրալիոյ մէջ, երբ մեր միջոցարումները կազմակերպեցինք ձեր հովանաւորութեամբ. երբ այդ ատեն Արցախի Հանրապետութեան Պետ Նախարարն էիք: 100-ամեակի առիթով մեր կազմակերպած տօնակատարութիւններուն ընթացքին՝ կազմակերպուած զանազան միջոցարումներով՝ կարողացանք հաւաքել անհրաժեշտ գումարը՝ վերանորոգելու Ստեփանակերտի ու Մարտակերտի մանկապարտէզները:
 
Աւստրալիա այցելութեան ընթացքին, մենք հաճոյքը ունեցանք մեր ծանօթութիւնը զօրացնելու ձեզի հետ, որպէս բարեկամ ու եղբայր: Մենք մեծապէս տպաւորուեցանք ձեր ցուցաբերած հեզութեան, ազնուութեան ու անկեղծութեան համար: Անձնապէս, տպաւորուեցայ մեր ունեցած վերջին հանդիպումով, տօնակատարութիւններէն ետք՝ նախ քան ձեր վերադարձը Արցախ: Մենք նաեւ առանձնաշնորհումը ունեցանք վայելելու ձեր ջերմ ընդունելութիւնը՝ ձեր գրասենեակին մէջ ու ապա ձեր անմոռանալի հիւրասիրութիւնը՝ Դիկրանակերտի մէջ՝ մեր Արցախ այցելութեան օրերուն՝ նոյն տարուան Մայիսին: Դժբախտաբար չկրցանք ձեզի հետ հանդիպիլ անցեալ տարի Մայիսին, որովհետեւ արտասահման էիք այդ օրերուն: Սակայն հաճոյքը ունեցանք վայելելու Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Պագօ Սահակյանի ջերմ ընդունելութիւնը. ինչպէս նաեւ առիթը ունեցանք հանդիպելու ձեր ղեկավարած կուսակցութիւնէն երկու նախարարներու, ինչպէս նաեւ ձեր ներկայացուցիչին՝ Պրի. Վահրամ Պօղոսյանի հետ:
 
Կաղօթենք խնդրելով Աստուծոյ պաշտպանութիւնն ու երկնային իմաստութիւնը, մինչ ազգն ու երկիրը կþառաջնորդէք՝ եկող տարիներուն: Նաեւ վստահ ենք թէ ձեր լաւագոյնը պիտի ընէք՝ երկիրը կառավարելու արդարութեամբ, ինչպէս նաեւ պահելու ու պահպանելու Արցախի սուրբ հողը, որու անկախութեան համար շատ արիւն թափուած է: Կþաղօթենք նաեւ մեր հզօր բանակին համար ու բոլոր անոնց համար, որոնք պատրաստ են իրենց կեանքերը զոհելու՝ ժողովուրդը պաշտպանելու թշնամիէն:
 
Աստուած ուզէ, կը յուսանք դարձեալ հանդիպիլ Մայիս 2021-ին ու պաշտօնապէս շնորհաւորել ձեզ երես առ երես:
 
Թող Աստուած առատապէս օրհնէ ձեզ, տայ ձեզի առողջութիւն, զօրութիւն ու ձեզի, ձեր ընտանիքին, Արցախի առաջնորդներուն, Ազգային Ժողովի անդամներուն ու նախարարենրուն, ինչպէս նաեւ Ազատ ու Անկախ Արցախին հետ ըլլայ»:

  • Կիսվել: