«Նոր սերունդը յանդուգն կերպով դէպի ապագայ կը նայի». Արամ Ա-ն հանդիպել է լիբանանահայ երիտասարդներին
Զրոյցին միացաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետը եւ աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ մասնակից երիտասարդներուն հետ, որոնք առիթը ունեցան նաեւ Հայրապետին ուղղելու իրենց հարցումները եւ կիսելու իրենց մտահոգութիւնները։
Ողջունելով երիտասարդները՝ Հայրապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես անոնց ներկայութեան ու գործօն մասնակցութեան, որոնք մեր ազգը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն նկատմամբ պատասխանատուութեամբ իրենց ներդրումը բերելու յանձնառութիւնը ու գիտակցութիւնը ունին եւ որոնք կը հաւատան, թէ մեր ազգի ներկային ու ապագային երաշխաւորներն են իրենք։ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ ընկերութիւն մը ապագայ չի կրնար ունենալ առանց երիտասարդ խաւին եւ անոր հիմք եւ այժմէականութիւն տուողը ու ապագային բացող ոյժը երիտասարդութիւնն է։ Սա տեսութիւն չէ եւ ոչ ալ պէտք է ըլլայ, այլ՝ կեանքի պէտք է վերածուի։ Իմ սպասումս է, որ մեր կեանքի զանազան բնագաւառներու ղեկավարները եւս այսպէս մտածեն, ծրագրեն ու գործեն. իսկ երիտասարդութիւնը, իր կարգին, այսպէ՛ս ընելու պատրաստակամութիւնը ունենայ, ըսաւ Նորին Ս. Օծութիւնը։
Սրբազնագոյն Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Սփիւռքի մէջ գաղութաշինութեան եւ համայնքի պահպանութեան համար եկեղեցի-դպրոց-ակումբ եռանկիւնին հիմնական դերակատարութեան։ Ան ըսաւ, որ ներկայիս նոյնիսկ Լիբանանի հայահոծ շրջանները չեն պահեր իրենց անցեալի դիմագիծը եւ այս հարցին հարկ է զգուշութեամբ մօտենալ, որպէսզի չքանդուին հիմնուած համայնքները։ Այս իմաստով ան արժեւորեց նորարարութեան պայմաններու լոյսին տակ մեր ինքնութիւնը պահելու համար ազդու միջոցներ որոնելը, որովհետեւ եղածը պահել համահաւասար է մեր ունեցածը կորսնցնելու։ Այս ծիրին մէջ ան ընդգծեց ինքնահասկացողութեան եւ ինքննաքննարկումի անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը։
Լուսարձակի տակ առնելով երիտասարդին հաւաքական կեանքի մասնակցութիւնը՝ Հայրապետը յայտնեց, որ հոն նահանջ կայ եւ այս մէկը իր անդրադարձը կ՚ունենայ հաւաքական պատկանելիութեան։ Ան քաջալերեց երիտասարդները ունենալու եղափոխելու եւ ինչու չէ նաե՛ւ, ի պահանջեալ հարկին, յեղափոխելու հաւաքական կամքը, որպէսզի լոկ լոզունքներու սահմաններուն մէջ չմնայ հաւաքական կեանքի բարեփոխութիւնը, որ առաջին հերթին կը սկսի անհատական մակարդակի վրայ։
Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ լսեց երիտասարդներուն մտահոգութիւնները եւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն, որոնք առաւելաբար առնչուած էին երկրին ընկերատնտեսական տագնապին հետեւանքով գաղութի երիտասարդ տարրերուն արտագաղթին, գաղութին նօսրացման, լիբանանահայ համայնքի կշիռին երկրին մէջ, երիտասարդներու գործի եւ ուսանողութեան առիթներ ստեղծելու եւ մեր ազգային կեանքին մէջ եկեղեցւոյ դերակատարութեան։