ուրբաթ, ապրիլ 19
19 / 4 / 2024
Արամ Ա-ն ընդունել է Վատիկանում Լիբանանի դեսպանին

Արամ Ա-ն ընդունել է Վատիկանում Լիբանանի դեսպանին

Այսօր՝ Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէն: Նորին Ս. Օծութեան հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ գտնուող դեսպանը նախ յայտնեց Վատիկանի ունեցած բարձր յարգանքը Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ եւ փոխանցեց Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ողջոյնները:

Ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց շուրջ տարի մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք Վատիկանի կատարած աշխատանքները միջազգային համայնքէն ներս՝ Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն լուծում տալու ճիգերու գծով:

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, իր արժեւորումը ներկայացուց Լիբանանի ներքին ներկայ կացութեան, յատկապէս երեսփոխանական վերջին ընտրութենէն ետք: Միաժամանակ, ան ընդհանուր գիծերով պարզեց իրեն այցելող օտար դեսպաններու տեսակէտները, Լիբանանը ներկայ տագնապէս դուրս բերելու աշխատանքներու ուղղութեամբ:

  • Կիսվել: