երեքշաբթի, ապրիլ 30
30 / 4 / 2024
Անթիլիասի Ուխտի օրվա առիթով դուրս կբերվի «Սուրբ Լուսավորչի Աջը»

Անթիլիասի Ուխտի օրվա առիթով դուրս կբերվի «Սուրբ Լուսավորչի Աջը»

Անթիլիասի Ուխտի Օրուան պատրաստութիւններու ծիրէն ներս, քիչ առաջ (16 Մարտ 2024), Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, ուղղուեցաւ «Կիլիկիա» թանգարան, ուրկէ դուրս բերաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմամշակութային եկեղեցական հարստութիւններէն տարբեր սուրբերու մասունքներ եւ աջեր։

Յիշեցնենք, որ վաղը՝ Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, «Անթիլիասի Ուխտի Օր»-ն է։ Այս առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ պիտի մատուցուի, որուն աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին Աջին գլխաւորութեամբ, պիտի կազմուի թափօր՝ Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ։ Մեր ժողովուրդի զաւակները առիթ պիտի ունենան մօտենալու մեծ սուրբին Աջին եւ ստանալու անոր օրհնութիւնը։

Յայտնենք, որ առաւօտեան ժամը 09։30-ին, փոխադրակառքեր (bus-եր) տրամադրուած պիտի ըլլան մեր ժողովուրդին համար՝ հետեւեալ վայրերուն մէջ.-

1) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, Պուրճ Համուտ

2) ՔԱՀԼի Ազգային Ծերանոց, Պուրճ Համուտ

3) Ս. Ագնէս Վարժարան, Պուրճ Համուտ

4) Պանք աֆ Պէյրութ, Հաճըն

5) Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Հայաշէն

6) Ս. Երրորդութիւն մատուռ, Ֆանար

  • Կիսվել: