շաբաթ, մայիս 4
4 / 5 / 2024
Արենիի՝ ՀՀ մուտքի արգելքը ուղիղ կապ ունի Փաշինյանի վարչակարգի քաղաքականության հետ․ ՀՅԴ

Արենիի՝ ՀՀ մուտքի արգելքը ուղիղ կապ ունի Փաշինյանի վարչակարգի քաղաքականության հետ․ ՀՅԴ

Հ.Յ.Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական կոմիտէն, կը դատապարտէ շրջանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արենի Մարկոսեանի Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն զրկումը՝ Երեւանի միջազգային օդակայանէն ներս: Օգոստոս 1-ին ժամանած, Արենիին արգիլուեցաւ մուտք գործել Հայաստան, առանց յաւելեալ բացատրութեան: Ժամեր շարունակ օդակայանէն ներս արգելափակուելէ ետք, ան ստիպուած եղաւ մեկնիլ Լիբանան՝ իր ընտանեկան պարագաներուն մօտ: Այս մասին ասվում է Հ.Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Կեդրոնական կոմիտէ-ի հայտարարության մեջ։

Ամերիկահայ մեծագոյն եւ ամենէն աւելի ազդեցիկ երիտասարդական կազմակերպութեան ղեկավարի մը Հայաստան մուտք արգիլելը ցոյց կու տայ, թէ ակնյայտ դրդապատճառներու արդիւնք է պատահածը, յատկապէս այս օրերուն, երբ Հայաստանի ներկայ ղեկավարութիւնը երկրէն ներս կ՛ողջունէ երիտասարդներ, կազմակերպելով անիմաստ եւ ցուցական խորհրդաժողով-հաւաք մը:

Տրուած ըլլալով, որ Արենին ոչ մէկ վտանգ կը ներկայացնէ Հայաստանի ժողովուրդին եւ ոչ մէկ յանցանք գործած է, անոր Հայաստան մուտքը արգիլելու Փաշինեանի վարչակարգի որոշումը պէտք է, որ հիմնուած ըլլայ Արցախի պահանջատիրութեան գծով, Հայ Երիտասարդաց Միութեան անդամին սկզբունքային դիրքորոշումին վրայ: Դիրքորոշում մը, որ կը հակասէ Փաշինեանի վարչակարգի կիրարկած քաղաքականութեան:

Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հ․Յ․Դ․ Կեդրոնական կոմիտէն, Հայաստանի Հ.Յ.Դ.-ի ընտանիքն ու Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը, շարունակ հաղորդակցութեան մէջ մնացին Արենիի հետ եւ աջակցութիւն ստացան մարդու իրաւունքներու հիմնարկներէ եւ դիւանագիտական պաշտօնեաներէ՝ ապահովելու անոր անմիջական ազատ արձակումը: Հակառակ բազմիցս կատարուած աշխատանքներուն, Հայաստանի կառավարութիւնը մնաց անդրդուելի եւ իր արարքին մասին, որեւէ տեղեկութիւն կամ բացատրութիւն չփոխանցեց:

 Փաշինեանի վարչակարգի կողմէ այս ցաւալի արարքը, որ յար եւ նման է Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններու վարչաձեւին, կը պահանջէ ամբողջական եւ անմիջական բացատրութիւն: Կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի բոլոր անդամնեուն եւ դաշնակիցներուն դատապարտելու Արենիի դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքը, Հայաստանի կառավարութենէն լիակատար հաշուետուութիւն պահանջելու եւ Արցախի պաշտպանութեան եւ հիմնահարցի լուծման համար մեր շարունակական աշխատանքին մասնակցելու:

 

  • Կիսվել: