շաբաթ, ապրիլ 27
27 / 4 / 2024
Արցախը մեր կիզակետն է․ Բեյրութում հանրային քննարկում է տեղի ունեցել

Արցախը մեր կիզակետն է․ Բեյրութում հանրային քննարկում է տեղի ունեցել

Արցախի ժողովուրդի դիմագրաւած տագնապին, Ատրպէյճանի յանցագործութիւններու էութեան հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու ու Արցախին օժանդակելու միջոցներ որոնելու համար Սուրիոյ Հայ Դատի Կեդր. Մարմնին (Այսուհետեւ՝ ՍՀԴԿՄ) նախաձեռնութեամբ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հովանաւորութեամբ, «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Արցախը Մեր Կիզակէտն Է» խորագիրով հանրային լսարան, գրում է «Գանձասար» պարբերականը։ 

«Լսարանին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը, Բերիոյ կաթողիկէ հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Սրբ. Արք. Միրիաթեանը, Հայ Աւետարանական Համայնքապետին ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Օրուան հանդիսավար, ՍՀԴԿՄ-ի անդամ Նաթալի Մատարիկեան Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ձեռնարկին մեկնարկը յայտարարեց։

Այնուհետեւ ՍՀԴԿՄ-ի անդամ Սարին Գրիգորեան բացման իր խօսքով յայտնեց, որ Ատրպէյճան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Արցախը հայաթափելու, բռնագրաւելու, արցախահայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու, սակայն 44֊օրեայ պատերազմի արհաւիրքը ապրած Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ դիմադրել այս անգամ ալ դէմ դնելով անմարդկային շրջափակումին ու կենաց մահու կռիւ մղելով ողջ աշխարհին արդարութեան հաստատման կոչ կ՚ուղղէ, սակայն մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար յառաջացած կազմակերպութիւնները գործնական ոչ մէկ միջամտութիւն կ՚ընեն, այլ պարզապէս բերանացի կոչերով իրենց պարտքը կատարած կը սեպեն, գերադասելով իրենց քաղաքական կամ տնտեսական շահերը։

Եզրափակելով Գրիգորեան ըսաւ, որ սուրիահայութիւնը զօրավիգ կը կանգնի Արցախի ժողովուրդին ու կոչ կ՚ուղղէ միջազգային ընտանիքին վերջ տալու Ատրպէյճանի կողմէ 8 ամիսէ ի վեր շարունակուող Բերձորի միջանցքի՝ կեանքի ճանապարհի, շրջափակման ու անոր հետեւանքով ստեղծուած մարդկային աղէտին։

Առաջին զեկուցաբերն էր պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարի տեղակալ Լեռնիկ Յովհաննէսեան, որ Արցախէն առցանց միանալով ներկայացուց Արցախի շրջափակման մանրամասնութիւնները եւ շրջափակման հետեւանքով Արցախի տնտեսութեան եւ ընկերային կեանքին կրած վնասները, գործազրկութեան աճող համեմատութիւնը, սնունդի, դեղորայքի եւ յատկապէս առողջապահութեան ոլորտէն ներս ստեղծուած սուր տագնապը, մարդկանց տեղաշարժի եւ ապրանքներու փոխանակման տոկոսներուն կտրուկ նուազումը եւ այլն։

 

artsakh

Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի անմարդկային այս արարքներուն դիմաց Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ տոկալ ու պահպանել իր հայրենիքը, սակայն անհրաժեշտ համահայկական զօրակցութիւնը չի շօշափէր։ Զօրակցական կոչերը բաւարար չեն, դիտել տուաւ ան, հարկ է տարբեր երկիրներու դեսպանատուներուն դիմաց բողոքի ցոյցերով ձայն բարձրացնել, մղել միջազգային ընտանիքը ցեղասպանութեան կանխարգիլման գործնական քայլերու։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ Արցախի ժողովուրդը զրկուած է ապրելու եւ գոյատեւելու կենսական պայմաններէն։

Յովաննէսեան այնուհետեւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին ռուս խաղաղապահներու եւ Հայաստանի դերին։ Զեկուցաբերը նաեւ անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի վերջին նիստին հնչած կոչին, ուր յստակօրէն ներկայացուած են Արցախի ժողովուրդին տագնապը ու դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու միջազգային ընտանիքէն պահանջը։

 

artsakh

Երկրորդ զեկուցաբերն էր իրաւաբան, միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց մասնագէտ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան, որ առցանց միացաւ Լիզպոնէն։

Իր զեկոյցի առաջին բաժինով ան մանրամասնօրէն ներկայացուց թէ Դեկտեմբեր 2022-էն սկսեալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ինչպիսի՛ մարդկային իրաւանց խախտումներ արձանագրուած են։ Իսկ երկրորդ բաժինով անդրադարձաւ միջազգային օրէնքի լոյսին տակ այն հնարաւոր միջոցներուն կամ հարթակներուն, որոնց դիմելով կարելի է վերջ տալ շրջափակման կամ գէթ փորձել ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի վրայ։ Ան ներկայացնելով այս բոլորը ըսաւ, որ միշտ ի մտի պէտք է ունենալ թէ համաշխարհային քաղաքակրթութիւնը չէ հասած զարգացման այն մակարդակին, ուր իրաւունքի ուժը կրնայ գերիշխել ուժի իրաւունքին։ Սակայն, աւելցուց ան, պէտք չէ յուսահատիլ ի տես քաղաքական ու տնտեսական շահերէ առաջնորդուող ղեկավարներու, այլ միշտ պէտք է աշխատիլ հասնելու արդարութեան ու բարձրաձայնել մարդկային իրաւանց եւ օրէնքի բոլոր խախտումներուն մասին, որպէսզի երբ պատեհ առիթը ներկայանայ, յանցագործը պատասխան տայ ու արդարութիւնը հաստատուի։

Ապա Յակոբճեան եւս պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն եւ ներկաները իրազեկ դարձուց Ատրպէյճանը դատապարտող արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ այլ ատեաններու բանաձեւերուն ու շրջափակման վերացումը պահանջող կոչերուն։

Լսարանը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով ու Արցախի Հանրապետութեան քայլերգով»,- գրում է պարբերականը։ 

  • Կիսվել: