ուրբաթ, ապրիլ 19
19 / 4 / 2024
Արցախի նախագահական աթոռին պատիվ ունեմ տեսնելու իմ ազնիվ բարեկամին. ամերիկահայ բարերարի շնորհավորական ուղերձը (լուսանկար)

Արցախի նախագահական աթոռին պատիվ ունեմ տեսնելու իմ ազնիվ բարեկամին. ամերիկահայ բարերարի շնորհավորական ուղերձը (լուսանկար)

Ամերիկահայ բարերար Վարդան Նազարյանը շնորհավորական ուղերձ է հղել Արցախի Հանրապետության նորընտիր նախագահ Արայիկ Հարությունյանին:

Ուղերձում ասված է.

«Մեծայարգ Տիար Հարութիւնեան,

Մեծ ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ Ձեր յաղթանակը Արցախի նախագահական ընտրութեան մէջ։ Մեր անձնական ծանօթութիւնն ու բարեկամութիւնը աւելի եւս կ՚ուրախացնէ զիս, քանի որ Արցախի նախագահական աթոռին վրայ պատիւը ունիմ տեսնելու իմ ազնիւ բարեկամիս։

Ինչպէս գիտէք, աւելի քան տասնամեակ մը ես շատ մօտէն առնչուած եմ Արցախի Հանրապետութեան հետ։ Արցախի քաջարի ժողովուրդը իր արեան գնով վաստկած է իր անկախութիւնը, եւ մեզի, սփիւռքահայերուս համար, պատիւ է մեր նիւթաբարոյական ներդրումներով հզօրացնել Արցախի տնտեսութիւնը, որպէսզի աւելի եւս հիմնաւորուի ու յաւերժանայ արեան գնով շահուած անկախութիւնը եւ բարելաւուի անոր բարի ժողովուրդին տնտեսական վիճակը։

Արցախի ժողովուրդը, Ձեր անցեալի քաղաքական գործունէութեանց քաջատեղեակ ըլլալով, Ձեզ ընտրեց որպէս իր գերագոյն առաջնորդը։ Արցախի ազնիւ ժողովուրդը եւ մենք վստահ ենք որ Ձեր առաջնորդութեամբ, Արցախի անկախութիւնը աւելի եւս պիտի հիմնաւորուի, քաղաքական մթնոլորտը եւ զանազան խմբակցութիւններու համագործակցութիւնը իշխանւոթեանց հետ պիտի յստականայ եւ բարեփոխուի, բանակցութեանց գործընթացքը պիտի ստանայ նոր ուղղութիւն եւ ընկերային կեանքը զգալապէս պիտի բարելաւուի։ Նոյնպէս, Արցախի բանակը աւելի եւս պիտի հզօրանայ եւ թշնամին պիտի չկարենայ վնասել Արցախցիին ու Արցախի հողային ամբողջականութեան։

Այս ուրախ առիթով, կ՛ուզեմ Ձեզ վստահեցնել որ ես պատրաստ եմ իմ ներդրումներս շարունակելու Արցախի ընկերային եւ տնտեսական կեանքի բարելաւման համար։ Երբ այս թագաժահրի օրերը անցնին եւ երբ Դուք Ձեր բարձր պաշտօնին անմիջական հարցերը լուծեք, պիտի փափաքէի կրկին անգամ Արցախ այցելել, հնդիպիլ Ձեզի եւ ծրագրել ապագայի ներդրումներու հարցերը։

Կրկին կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ Ձեր քաղաքական եւ ընտանեկան կեանքին կը մաղթեմ ամենայն յաջողութիւն»։

  • Կիսվել: