Արամ Ա Հայրապետը շնորհաբաշխ հովվապետական այցելություն է կատարել Այնճարի հայկական ավան
Տարուան վերջին տաղաւար (մեծ, աւագ) տօնը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ խաչին վերացումին տօնն է (Վերացման Սուրբ Խաչ)։ Այս տօնին կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ հաստատուած Այնճար աւանին հիմնադրութեան տօնը, որովհետեւ սուրբ խաչին շնորհիւ այնճարցիք փրկուեցան թուրքին եաթաղանէն։
Արդարեւ, 2024 տարին կը զուգադիպի Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-րդ եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85 ամեակներուն, որոնց տօնակատարութեանց շրջագծին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ շեշտելով Այնճարին հայկականութիւնը եւ աւանը առաւել եւս հայկականացնելու ու անոր բարքերն ու աւանդութիւնները պահելու ու պահպանելու այնճարցիին վճռակամութիւնը։ Այս առիթով, Կիրակի, 15 Սեպտեմբեր 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը կատարեց շնորհաբաշխ Հովուապետական այցելութիւն մը Այնճարի հայկական աւան. տեղւոյն Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման արարողութեան, իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդեան եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Պէքայի հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան։
Այնճարի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, հոգեւոր հայրերու եւ լիբանանահայ համայնքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Շնորհաբաշխ հովուապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան շքախումբին մաս կը կազմէին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։
Շարունակությունը՝ այստեղ: