շաբաթ, ապրիլ 27
27 / 4 / 2024
Անթիլիասի Մայրավանքում կատարվել է Արցախի զորակցական աղոթք

Անթիլիասի Մայրավանքում կատարվել է Արցախի զորակցական աղոթք

Անթիլիասի Մայրավանքում կատարվեց Արցախի զորակցական աղոթք։ Այս մասին հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանից։

Արցախ աշխարհին դիմագրաւած վերջին աղէտը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ մեր ժողովուրդին համար՝ ստեղծելով անորոշութեան մթնոլորտ։ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ կրկնուեցաւ 21-րդ դարուն։ Դարձեալ նահատակներ, քանդումներ եւ աքսոր…։ Դարեր շարունակ հայու արիւնով, արցունքով ու ստեղծագործ ոգիով շաղախուած Արցախը կը գտնուի թշնամիին արիւնոտ ձեռքերուն մէջ։ Մեր ժողովուրդը չէ յուսահատած, որովհետեւ, ինչպէս Պօղոս առաքեալը կ՚ըսէ «յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր» (Հռ 5.5)։ Հայ ժողովուրդը, Աստուծոյ օրհնութեամբ, կառչած է իր ամուր հաւատքին ու վճռականութեան։ Քրիստոս խաչո՛վ կերտեց յարութիւնը։ Այսօր, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, մեր ժողովուրդը կոչուած է իր հաւատքն ու յոյսը ամուր պահելու՝ նայելով Խաչեալին ու խաչէն ճառագայթող հզօր պատգամին։

Արդարեւ, Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր 2023-ին, Վարագայ Ս. Խաչի տօնին եւ Արցախի ու արցախահայութեան զօրակցութեան օրուան առիթով, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը։

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ, առաջին հերթին, նշեց Վարագայ Ս. Խաչին տօնին կարեւութիւնը՝ յայտնելով, որ Ս. Խաչի չորս տօներէն վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչը, յատուկ է հայ եկեղեցւոյ։ Ան անդրադարձաւ պատմութեան մէջ հայ ժողովուրդին «խաչելութիւններուն» եւ ընդգծեց պատմութեան ընթացքին տառապանքներուն դիմաց մեր ժողովուրդին ցուցաբերած հաւատքին զօրութիւնը։

Սրբազանը ըսաւ, որ Ս. Խաչի տօները առիթ են մեր կեանքին մէջ վերահաստատելու Խաչին շարժիչ ոյժը եւ Խաչեալին փրկագործական զօրութիւնը։ Մանրամասնելով Վարագայ Ս. Խաչի տօնը, ան ըսաւ, որ 7-րդ դարուն Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոսին օրով հաստատուած է այս տօնը, երբ Վարագ լերան վրայ Թոդիկ ու Յովել ուխտաւոր եկեղեցականներու անդուլ աղօթքներով ու ճգնութեամբ, երկնային հրաշքով մը կը յայտնաբերուի Ս. Հռիփսիմէ Կոյսին պատկանող Ս. Խաչին մասունքը։

Անդրադառնալով ներկայ կացութեան, քարոզիչ սրբազանը նշեց, որ 4-րդ դարէն ի վեր հայ ժողովուրդին ինքնութեան անքակտելի արժէքներ դարձած ազգութիւնն ու քրիստոնէութիւնը կ՚արտացոլան պատմութեան մէջ։ Կը տեսնենք, որ հայութիւնը, Քրիստոսի նման խաչի Ճամբէն քալելով, տակաւին կը բարձրացնէ «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէ՜ր Յիսուս» աղօթքը, յատկապէս այս օրերուս, որովհետեւ այսօր նո՛յն եաթաղանը կը բարձրանայ մեր ազգի հերոսական Արցախի ու արցախահայութեան վիզին՝ ընդմիշտ սպառնալով ոչնչացնել Հայաստանն ու հայութիւնը։ Քարոզի ընթացքին Թորգոմ սրբազանը իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած. «Աստուա՜ծ Անմեկնելի, բազում են ճամբաներդ, անիմանալի՝ փրկագործական հրաշքներդ, մինչ Քու ամենաբուժիչ ու յաղթական ներգործութեանդ ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է, որ պէտք ունինք մենք՝ հայ ազգը ու հայրենիքը, տարագիր ու սգաւոր արցախահայութիւնը, վիրաւոր ու սովատանջ հայ մանուկները, նահատակուած առիւծ զաւակներու հերոսածին մայրերը, քոյրերը ու եղբայրները, դաւադրաբար բռնագրաւուած արծուեբոյն մեր Արցախը, եւ տակաւին՝ ամենահսկիչ Քու նայուածքիդ իսկ առջեւ՝ անորոշութեան ու նոր պատերազմներու վտանգին մէջ տուայտող Հայաստան աշխարհը ու անլուր տառապաքներու աքցանին մէջ բռնուած սփիւռքահայութիւնը, որոնք միահամուռ պաղատանքով մը, Տէ՜ր Ամենազօր, Սուրբ Խաչի՛դ իսկ զօրութիւնը կ՚աղերսեն աշխարհի բոլոր անկիւններէն անխտիր»։

Ապա, սրբազան հայրը քաջալերեց հաւատացեալները չյուսահատելու, չընկրկելու ու սատանային կամքին չյանձնուելու՝ այնքան ատեն, որ Ս. Խաչը ունինք որպէս ապաւէն ու պաշտպան։ Փաստօրէն, Եղեռնի օրերուն, Խաչը եղաւ Գողգոթայի ճամբաներէն յարութիւն տուողը մեր նախահայրերուն եւ մեզի պարգեւեց կեանք ու Աստուածային օրհնութիւններ։ «Ինչպէս Ցեղասպանութեան, նաե՛ւ ներկայի ծանր օրերու մէջ, շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելաշունչ Ս. Աթոռին ժողովրդանուէր ծառայութեան, Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի եղաւ մարդասիրական, կառուցողական, ընկերային, ազգային ու բարեսիրական տեսակ-տեսակ բնոյթի օժանդակութիւն իրականացնել ե՛ւ Հայաստան-Արցախին, ե՛ւ հայկական վիրաւոր գաղութներու կեանքին մէջ», ընդգծեց սրբազանը եւ աւելցուց, որ մեր Ս. Աթոռը մինչեւ օրս կը շարունակէ իր ժողովուրդին կողքին ըլլալ։

Քարոզի աւարտին, սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, որ արցախահայութեան նուիրուած զանազան ձեռնարկներու եւ ազգակերտ աշխատանքներու կողքին, վերջերս նաեւ Հայրապետական Ս. Աթոռին կողմէ յառաջացուցած է յատուկ մարմին մը, որ շուտով կը սկսի մարդասիրական նոր ծրագիրներու ճամբով անհրաժեշտ օժանդակութիւն մատակարարել գաղթական ու տարագիր արցախահայութեան։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Նորին Սրբութեան, տեղի ունեցաւ Արցախին ու արցախահայութեան նուիրուած յատուկ աղօթք եւ եւ կատարուցեաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Արցախ հայրենիքին պաշտպանութեան ու պահպանութեան համար նահատակուած մեր հերոս հայորդիներու հոգիներուն համար։

  • Կիսվել: